2013-12-13 10:02:32

Արու եւ էգ ստեղծեց` ըստ Պատկերին եւ Նմանութեան


RealAudioMP3 Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք թէ. «Աստուած մարդը ստեղծեց իր Պատկերին համաձայն. Իր Պատկերին համաձայն ստեղծեց զինք. արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»: Աստուած, իր սէրէն մղուած ստեղծեց առաջին մարդը, իր Պատկերին եւ նմանութեան համաձայն եւ ուզեց որ այր ու կնոջ միջեւ հաստատուած կեանքի եւ սիրոյ ընկերութիւնն ալ արտայայտէ եւ ցոլացնէ Իր անհուն սէրը, որով Ինք կը սիրէ համայն մարդկութիւնը:
Աստուած մարդուն մարմինը երկրիս հողէն կազմեց եւ իր զուտ բարութեան մէկ արդիւնքով անոր շնորհեց անմահութեան եւ անչարչարելիութեան պարգեւները, որոնք էապէս կապուած չէին անոր բնութեան: Գալով հոգւոյն, զայն ըրաւ իր ՊԱՏԿԵՐԻՆ ԵՒ ՆՄՆԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ (Ծննդ. Ա, 26): Հետեւաբար, Մարդը Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համեմատ ստեղծուած ըլլալով, ան տեսանելի արարչութեան գագաթնակէտն է:
Մարդը` Աստուծոյ պատկերին համեմատ ստեղծուած է, կը նշանակէ թէ մարդը ատակ է իր ստեղծիչը ճանչնալու եւ զայն ազատ կամքով սիրելու: Մարդը երկրիս վրայ միա՛կ արարածն է, զոր Աստուած Իր աստուածային կեանքին մասնակցելու կանչեց:
Մարդը ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած ըլլալուն համար` անձ ըլլալու արժանապատուութիւնը կը վայելէ: Մարդը առարկայ մը չէ, այլ մէկը` որ կարող է ինքզինք ճանչնալ, ինքզինք ազատ կերպով նուիրել, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ ուրիշին հետ հաղորդակցութիւն հաստատել:
Ս. Իգնատիոս Տը Լոյոլա` Հիմնադիրը Յիսուսեան Միաբանութեան կ՛ըսէ թէ «Մարդը սեղծուած է, որպէսզի գովաբանէ, յարգէ Աստուած եւ, անոր ծառայելով փրկէ իր Հոգին»: Այլ խօսքով Ս. Իգնատիոս կ՛ըսէ թէ մարդը ստեղծուած է, ուրեմն ստեղծիչ մը ունի, եւ այս աշխարհիս վրայ դրուած է ճանչնալու, գովաբանելու եւ յարգելու իր Տէրը, ստեղծիչը, Անոր ծառայելու եւ այս կերպով փրկելու իր կեանքը, իր հոգին:
Այր մարդը եւ կինը ստեղծուած ըլլալով Արարիչին պատկերին եւ նմանութեան համաձայն պարտին ձգտիլ Աստուծոյ իբրեւ իրենց կեանքի կեդրոնը եւ բոլոր իրենց էութեամբ դիմել Անոր: Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէ. « Քեզի համար ստեղծեցիր զիս, ով Տէր, եւ իմ սիրտս իր հանգիստը պիտի չգտնէ երբեք, մինչեւ որ չի հանգչի քու մէջդ»:
Աստուած այր մարդը եւ կինը ստեղծեց իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն, եւ անոնց հոգիին մէջ դրաւ ձգտումը դէպի անսահմանը եւ յաւիտենականը:
Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, որ մարդը` Աստուծոյ կերպարանքով ու նմանութեամբ ստեղծուած է: Աստուծոյ կերպարանքը ուրիշ չէ եթէ ոչ մարդկային անձնաւորութեան մէջ Աստուածային բնութեան արտացոլանքն է: Արտացոլանքը` ազատութեան, Արտացոլանքը անմահութեան, որոնցմով օժտուած չէ ոչ մէկ արարած, եթէ ոչ մարդը: Մարդը կանչուած է նմանելու Աստուծոյ, կատարելագործելով իր կեանքը ամուսնութեան խորհուրդով: Մարդը կանչուած է տենչալու ճշմարիտը, արդարը, բարին եւ յաւիտենականը:







All the contents on this site are copyrighted ©.